Լորտ Բաթենի ելոյթը ՌատիոՎատիկաի սդուտիոններու մէջ` Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին առաքելական
ճամբորդութիւնը Անգլիա բարեբեր պիտի ըլլայ Անգլիոյ բոլոր ընկերութեան եւ ոչ թէ միայն
հաւատացեալներուն։
Սրբազան Քահանայապետի կատարելիք այցելութեան մասին խօսելով, Անգլիոյ վարչապետի կողմէ
նշանակուած այցելութեան պատրաստութեան համար, սեպտեմբեր 16-19, Լորտ Բաթեն ՌատիոՎատիկաին
յայտարարեց թէ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին առաքելական ճամբորդութիւնը Անգլիա բարեբեր
պիտի ըլլայ Անգլիոյ բոլոր ընկերութեան եւ ոչ թէ միայն հաւատացեալներուն։ Սքովտիայի եւ
Անգլիոյ մէջ Սրբազան Հօր առաքելական ճամբորդութեան պատրաստութիւնները, յառեց ան, արաքութեամբ
ու մեծ եռանդով կը կատարուին։ Այս առաջին անգամն է որ Քահանայապետ մը պետական այցելութիւն
կը կատարէ Անգլիա։ Յովհաննէս Պօղոս Բ Սրբազան պապին 1982ին կատարած այցելութիւնը լոկ
հովուական բնոյթ ունեցաւ։ Արդարեւ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը սեպտեմբեր 16ին
պիտի ընդունուի Եղիսաբէթ թագուհիէն Էտիմպուրկի Հոլիրուտ Հաուզ պալատին մէջ։